2011-03-09 12:13:52

Պքերքէ Այսօր Երեկոյեան Կը Փակէ Իր Դռները` Մարոնի Նոր Պատրիարք Մը Ընտրելու Համար


Չորեքշաբթի 9 մարտի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Պքերքէ իր դռները պիտի փակէ` սկսելու համար մարոնի համայնքի նոր պատրիարք մը ընտրութեան Հաւաքը:
Նշենք թէ մարոնիներու Նասրալլա Սֆէյր հրաժարեալ պատրիարքը երէկ
Պքերքէի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ դռնփակ նիստի մը ընթացքին քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ Սֆէյր պատրիարքը կը մնայ Լիբանանի խիղճը, որովհետեւ ան միշտ զօրակցած է արդարութեան, Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան:
Հարիրի աւելցուց, որ Սֆէյր պատրիարքը միշտ խորհուրդ ներշնչած եւ կորով տուած է իրեն` պայքարելու Լիբանանի առջեւ ծառացող մարտահրաւէրներուն դէմ:








All the contents on this site are copyrighted ©.